Կամաւոր աշխատանքը, ուրիշին օգտակար ըլլալով կեանքի իմաստաւորումը, կարեւոր գործօններէն մէկն է կեանքի մէջ ուրախ եւ գոհունակ ապրելու: «Օղակ» ՀԿ–ի միջոցով դուք հնարաւորութիւն ունիք մարդկային եւ ազգային մակարդակով օգտակար դառնալու, մեր հայրենակիցներուն կարիքներուն հասնելու եւ, այդպիսով, գոհունակութիւն ապրելու:
Օղակը կը քաջալերէ կամաւոր աշխատանքը եւ կամաւորութեան հնարաւորութիւն կ՛ընձեռնէ բոլոր անոնց, որոնք Հայաստանի մէջ իրենց կեցութեան շրջանին կ՛ուզեն արդիւնաւէտ ու օգտակար ժամանակ անցընել եւ գոհունակութիւն ապրիլ: Եթէ կայ փափաքը, կը մնայ մեզ տեղեակ պահել ձեր նախասիրութիւններուն, մասնագիտութեան եւ հետաքրքրութիւններուն մասին, եւ մենք սիրով կը գտնենք այն ոլորտը, ուր դուք կրնաք կատարել ձեր կամաւոր աշխատանքը։ Ամբողջացուցէք ստորեւ տեղադրուած տուեալներու ցուցակը եւ մեր անձնակազմը կարելի եղածին չափ շուտ կը կապուի ձեզի հետ։
Օղակ ՀԿ–ի աշխատանքներու ծիրը ընդարձակ է: Մեր կազմակերպութեան միջոցով կրնաք մասնակիցը դառնալ հետաքրքրական ծրագիրներու իրականացման՝ նուիրելով ձեր սիրտէն բխած գումարը եւ վստահ ըլլալով, որ անիկա ուշադրութեամբ եւ խնայասիրութեամբ պիտի օգտագործուի Օղակի տարեկան ծրագրային եւ վարչական ծախսերուն համար:
Նուիրելու համար պարզապէս ամբողջացուցէ՛ք ստորեւ տեղադրուած տուեալներու ցուցակը եւ սեղմեցէ՛ք նուիրատուութեան կոճակը: