Գեղարգունիք մարզի Դրախտիկ գիւղին մէջ, 12 յունիս 2023-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած կը տիրէր տօնական մթնոլորտ։ Դրախտիկի միջնակարգ դպրոցին կից գտնուող Ալպէր Քէլեշեանի յիշատակին վերանորոգուած սրահին մէջ ցուցադրուած էին «Օղակ» ՀԿ-ի կողմէ կազմակերպուած Արշալոյս Տարէճեանի անուան կար ու ձեւի դասընթացքի մասնակիցներուն պատրաստած տարբեր հագուստները, շապիկները, տաբատները եւ այլն։ Պատերէն կախուած էին նկարչական խմբակին աշակերտներուն նկարած տասնեակներով նկարներ, իսկ համադամ կարկանդակներու սեղանը կը սպասէր դատական կազմին գնահատականներուն։
Կար ու ձեւի մասնակիցները, որոնք յաջողութեամբ ամբողջացուցած էին իրենց աշխատանքները, ստացան հաստատագիրներ։ Նկարչութեան դասանթացքին բոլոր մասնակիցները ստացան ամռան ընթացքին աշխատանքի համար յատուկ ծրարներ, տետրակներ, մատիտներ, նկարչութեան այլ պիտոյքներ, իսկ մեծ խնամքով պատրաաստուած կարկանդակներու մրցումին մասնակիցներէն ընտրուեցան լաւագոյն երեքը եւ ստացան համապատասխան գնահատանք։ Շնորհակալութիւն մեր դասատուներուն՝ Արեւիկ Առաքելեանին, Յասմիկ Պաղտասարեանին, Դրախտիկի դպրոցի տնօրէնին՝ Տիկին Նազիկ Պապաքէօխեանին, «Օղակ»-ի խումբերու պատասխանատուներուն Ժենիա եւ Հեղինէ Կիրակոսեաններուն, ինչպէս նաեւ մեր հովանաւորներուն։

