Մայիս ամսուան ընթացքին զուգահեռ կազմակերպուեցան դէմքի խնամքի եւ յարդարման դասընթացքներ թէ՛ Ագարակ գիւղի եւ թէ՛ Նորք-Մարաշի մէջ։ Նորք-Մարաշի մէջ դասաւանդող ուսուցիչն էր Լուսինէ Սարգսեանը, իսկ Ագարակի մէջ՝ Նանօ Եղիազարեանը։ Դասընթացքներուն , որոնք երկարեցան մինչեւ յունիս ամսուան վերջը, մասնակցեցան աւելի քան 40 կիներ։ Բոլոր դասերուն ներկայ մասնակիցները ստացան հաստատագիրներ։
