Հինշգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին, Օղակ ՀԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ֆինանսական խորհրդատու Աննա Պրիւնոյի հետ հանդիպում մը։
Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին Տիկին Պրիւնոյի խորհուրդները ֆինանսական հարցերը ճիշդ ձեւով դասաւորելու մասին, տեղեկացան փոքրիկ ներդրումներ կատարելու գաղտնիքներուն եւ նոր աշխատանքներու սկսելու պարագային ֆինանսական ու դրամական հարցերու առումով ճիշդ կողմնորոշուելու մասին։
Հանդիպման աւարտին մասնակիցները տուին հարցեր, որոնց դասախօսը տուաւ մանրամասն պատասխաններ։


