Առաջին անգամ ըլլալով «Օղակ» ՀԿ-ն կը կազմակերպէ հաշուապահական եւ տնտեսագիտական խտացուած ծրագիր։ Նախապէս այս նիւթերուն հետ կապուած տարբեր դասախօսութիւններ տեղի ունեցած են «Օղակ»-էն ներս։ Այս դասընթացքին նպատակը կարեւոր տեղեկութիւններու փոխանցումն է, որ պիտի օգնէ, որ անհատը աւելի լաւ կատարէ իր հաշիւները եւ աւելի լաւ տնտեսէ իր առօրեան։
Դասատուն Ռուբինա Գալստեանն է, որ այս ծիրէն ներս ունի լայն փորձառութիւն։ Դասերը ընթացք առին հինգշաբթի, 20 փետրուար 2025-ին։