Սեպտեմբերի առաջին երկու շաբաթներուն ընթացքին «Օղակ» ՀԿ-ի վարչական աշխատանքներու վերսկսման զուգահեռ, կազմակերպուեցան տարբեր խմբակներու հետ հանդիպումներ եւ դասերու ծրագրաւորում։ Այս տարեշրջանին եւս «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշ կեդրոնէն ներս կը կազմակերպուին անհատական աճի, անգլերէնի, մարզանքի, ձեռային աշխատանքի, եոկայի, փոքրերու պարի, Մարաշի ասեղնագործութեան, Այնթապի ասեղնագործութեան դասընթացքներ։
Արագածոտն մարզի Ագարակ գիւղի համայնքապետարանին մէջ կը շարունակուին եոկայի ու անհատական աճի դասընթացքները։ Ծրագրաւորումի ընթացքին մէջ են նաեւ անգլերէն լեզուի եւ ասեղնագործութեան դասընթացքները։
Իսկ Գեղարգունիքի Դրախտիկ գիւղի միջնակարգ դպրոցին գրադարանին մէջ կը շարունակուին անգլերէնի, անհատական աճի եւ փոքրերու նկարչութեան դասերը։
Հերթական դասընթաքներուն զուգահեռ, նախատեսուած են նաեւ աշխատանիստեր դպրոցներու եւ ծնողներու հետ։ իսկ դեկտեմբերին, ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս՝ Լիբանանի եւ Երեւանի մէջ։