Ամառնային ընդմիջումէն ետք, 2023-2024 տարեշրջանի «Օղակ»ի դասընթացքներուն վերաբերեալ աշխատանքները վերսկսան Սեպտեմբեր 4-ին:
Սեպտեմբերի առաջին շաբաթներուն ընթացքին, Օղակի դասընթացքները եւ աշխատանքները ճիշդ կազմակերպելու նպատակով տեղի ունեցան հանդիպումներ Նորք-Մարաշի, Դրախտիկ-ի (Գեղարգունիք) եւ Ագարակի (Արագածոտն) մէջ։ Հանդիպումներուն ընթացքին խմբակներու հին եւ նոր մասնակիցները տեղեկացան նոր ծրագիրներուն մասին եւ ներկայացուցին իրենց առաջարկներ։ Հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ դասատուները, որոնք մանրամասն ներկայացուցին իրենց դասընթացքներուն ծրագիրները։
Այսօրուան դրութեամբ Օղակի ծրագիրները կը ներառեն աւելի քան 25 աշխատանքային խմբակներ, որոնց վրայ տօնական օրերուն կ՛աւելնան յաւելեալ ծրագիրներով խմբակներ։



