Արագածոտն մարզի Ագարակ գիւղին մէջ վերջին երեք տարիներուն Օղակ շարունակական կերպով կը կազմակերպէ տարբեր դասընթացքներ։ Այսպիսով, Ագարակի մէջ կազմակերպուած են մարզանքի, պարի, Զումպայի, անգլերէնի, անհատական աճի եւ կարուձեւի դասընթացքներ։
25 մայիս 2023-ին տեղի ունեցաւ դիմայարդարման յատուկ դասընթացքի աւարտական հանդիպումը, որուն ընթացքին աւելի քան 30 մասնակիցներ ստացան հաստատագիրներ։ Դասընթացքի ծրագիրը բծախնդրութեամբ կազմեց եւ իրականացուց Օղակի կամաւորներէն Տիկին Նոնա Եղիազարեանը, իսկ Բժշկուհի Արմինէ Թադեւոսեան անվճար տրամադրեց դասընթացքին իրականացման համար անհրաժեշտ տարածքը։
Շնորհակալութիւն բոլորին եւ յոյսով ենք, որ դասընթացքը կը նպաստէ բոլոր մասնակիցներուն բարօրութեան եւ աճին։

