Շաբաթ 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, Օղակ ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Օղակի ձեռարուեստի խմբակի 9-րդ ցուցահանդէսը։ Ցուցահանդէսի բացումը նախատեսուած է ժամը 11-ին։ Նշենք, որ նախապէս նոյն խմբակի աշխատանքները ցուցադրուած են Պէյրութի, Լոս Անճելոսի, Տեսինի եւ Երեւանի մէջ։
Ցուցահանդէսը տարեկան ամփոփումն է այն յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքին, զոր այս խմբակը կ՛իրականացնէ ամբողջ տարուան ընթացքին, շաբաթական մէկ հանդիպումով։ Ցուցադրուած աշխատանքները այլազան են. կան ազգային ձեռագործներու աւանդական նմուշներ՝ Վան, Վասպուրական, Այնթէպ, Ուրֆա, Մարաշ, ասեղնագործութիւն, մաքոքի գործ, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցադրուին առօրեայ օգտագործելի իրեր՝ զարդարուած նոյն այս ձեռագործներով։
Ձեռարուեստի խմբակը պիտի ցուցադրէ իւրայատուկ ոճով պատրաստուած պայուսակներ, ամանորեայ եւ պարզ զարդեղէններ, նկարազարդուած վզկապեր եւ այլ հետաքրքրական իրեր։
Օղակի ծրագիրներուն ու խմբակներուն յաճախող ոեւէ անդամ առիթը ունի սորվելու եւ կատարելագործելու տարբեր հմտութիւններ եւ զանոնք նոյնիսկ արժանապատիւ ապրելու միջոցի ծառայեցնելու։