Օղակ ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ 12 դեկտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ Օղակի ձեռարուեստի խումբի տարեկան ամանորեայ ցուցահանդէս-վաճառքը, որուն բացման հանդիսութեան ներկայ էին Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թաղապետ Միքայէլ Օհանեան, ինչպէս նաեւ համայնքի թիւ 26 դպրոցի տնօրէն Թեհիմինէ Արմէնակեանը։
Ցուցադրուած էին ձեռքի աշխատանքի եւ ազգային ասեղնագործութեան աւելի քան 200 նմուշներ, որոնք արժանացան ցուցահանդէսի այցելուներու բարձր գնահատանքին։