Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ագարակ գիւղի մէջ վերսկսան Եոկայի, անգլերէն լեզուի եւ Անհատական աճի դասընթացքները, համագործակցութեամբ Արագածոտն մարզի, Ագարակ գիւղի գիւղապետ՝ պարոն Արմէն Հարութեանի։ Դասընթացքներուն կը մասնակցին աւելի քան 30 անդամներ։ Անցնող տարիներուն դասընթացքները տեղի կ՚ունենային Պարոն Զօրօ Հարութիւնեանի տրամադրած տարածքին մէջ, որուն համար շնորհակալ ենք բոլորս։