«Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ, 25 նոյեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (AUA) բուժքոյրերու Պաքալավրի (BS) երկրորդ տարուան ուսանողներու դասախօսութիւնը` «Սրտանօդային թոքային վերակենդանացում» խորագրով։ Ուսանողները հետաքրքրական եւ սպառիչ ձեւով ներկայացուցին նիւթը, առիթ տալով որ ներկաները դասախօսութեան ընթացքին իրենց ստացած տեղեկութիւնները գործնականացնեն եւ ստանան համապատասխան ցուցմունքներ։
Շնորհակալութիւն ուսանողներ՝ Բեջանեան Գոհարի, Յովհաննիսեան Մերիի, Արիստակեսեան Քնարիկի, Բալասանեան Վարդուհիի եւ Ավետիսեան Քրիստինէի, եւ իրենց պատասխանատու Հերկելեան Վիքիի։