Մարտ 2024-ին Գեղարգունիքի Դրախտիկ եւ Արագածոտնի Ագարակ գիւղերուն մէջ վերսկսան Օղակ Հկ-ի դասընթացքերը։
Այսպէս, Դրախտիկի մէջ կը շարունակուին անգլերէնի եւ անհատական աճի դասընթացքները՝ երկու շաբաթը անգամ մը հանդիպումներով։ Իսկ Ագարակի մէջ, նախատեսուածին նման տեղի կ՛ունենան անհատական աճի եւ եոկայի շաբաթական դասընթացքներ, իսկ դէմքի խնամքի՝ շաբաթական երկու հանդիպումներով դասընթացքներ։
Դասերը կ՛երկարին մինչեւ Յունիս ամսուան աւարտը։


