Դեկտեմբեր ամիսը տօնական միջոցառումներով լեցուն ամիս էր «Օղակ» հկ-ի աշխատանքային խմբակներու մօտ։ Ամանորեան միջոցառումներ կազմակերպուեցան Գեղարգունիքի Դրախտիկ գիւղի, Արագածոտնի Ագարակ գիւղի, Թալինի եւ Նորք-Մարաշի մէջ, թէ՛ չափահասներու եւ թէ՛ փոքրերու համար։
Ամանորեան միջոցառումներու գլխաւորն էր «Օղակ» հկ-ի տարեկան ցուցահանդէսը, որուն բացման ներկայ գտնուեցաւ ՆորքռՄարաշ վարչական շրջանի թաղապետ՝ պարոն Միքայէլ Օհանեան, թաղապետարանի աշխատակազմի անդամներ, Արմենակ Արմենակեանի անուան թիւ 26 դպրոցի տնօրէն տիկին Թեհմինէ Արմենակեան, արտասահմանէն եւ Հայաստանէն հիւրեր, «Օղակ»-ի անդամներ եւ Գանատայի Հայ Հորիզոնի աշխատակազմի անդամներ, որոնք կատարեցին նկարահանումներ ու պատրաստեցին տեսաերիզ «Օղակ»-ի աշխատանքները բացատրող։
Ցուցահանդէսը մեծ գնահատանքի արժանացաւ ներկաներու կողմէն, իսկ Ձեռային աշխատանքի անդամները ապրեցան մեծ բաւարարութիւն։
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն մեր նուիրատուներուն։ Լաւ եւ առողջ տարուան մը լաւագոյն մաղթանքներով։















