Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հետ համագործակցաբար, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ, նոյեմբեր ամսուան 4 յաջորդական երկուշաբթի օրերու ընթացքին կայացաւ աշխատանիստ` Նորք-Մարաշի Արմենակ Արմենակեանի անուան թիւ 26 դպրոցի ծնողներուն հետ ։
Աշխատանիստը, որուն խորագիրն էր «Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման կայուն մօտեցումներու ձեւաւորում», մաս կը կազմէ տիկին Սրբուկ Սարգիսեանի կողմէն հովանաւորուած աւելի ծաւալուն ծրագիրի մը։
Այս աշխատանիստի ընթացքին ներկայացուեցան Անհատական աճի, Մտային առողջութեան, Ընտանեկան բռնութեան իրազեկման, Ծնողավարական, Այրումի ու հանգստացնող վարժութիւններու հետ կապուած նիւթեր ։
Շնորհակալութիւն Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, Տիկին Սրբուկ Սարգիսեանին, Նորք-Մարաշի Արմենակ Արմենակեանի անուան թիւ 26 դպրոցի տնօրէնուհի՝ Տիկին Թեհմինէ Արմենակեանին եւ բոլոր դասախօսներուն։
Աշխատանիստի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաւաստագիրներ։