Ամանորի տարեկան յաջող ցուցահանդէսէն եւ արձակուրդներէն անմիջապէս ետք, ձեռային աշխատանքի խմբակը վերսկսաւ իր շաբաթական հաւաքներն ու Զատկուան նուիրուած զարդեղէններու նախապատրաստական աշխատանքները։ Հետաքրքրական խորհրդակցութիւններէ, փորձերէ եւ նմուշներու պատրաստութենէ ետք, խումբը արդէն իսկ լծուած է աշխատանքի, որուն արդիւնքը Զատկուան mini-catalogue-ով մը պիտի ներկայացուի «Օղակ»-ի բարեկամներուն եւ հովանաւորներուն։
Սպասէցէք մեր նորութիւններուն։