Հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենան Այնթէպի եւ Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացքներ, որոնք կ՚ընթանան թէ՛ տեսական եւ թէ գործնական բաժիններով։ Ազգային ասեղնագործութիւնը կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ ազգային մշակութային արժքէներուն, որոնց պահպանման եւ տարածման կը ծառայեն նմանատիպ դասերը, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ։