Օղակի ձեռային աշխատանքի խումբը մեծ ոգեւորութամբ կը պատրաստէ նոր աշխատանքներ՝ նուիրուած Մարտ 8-ի եւ Ս․ Զատկուան տօներուն։
Դուք նոյնպէս կարող էք ձեր սիրելիներուն նուիրել այս գեղեցիկ աշխատանքները, զանոնք ձեռք բերելով մատչելի գիներով։ Ձեր քաջալերանքը կարեւոր է մեր աշխատանքներուն արդիւնաւէտութեան եւ ստեղծագործական մտքի զարգացման համար։
Այս գեղեցիկ նուէրները կարելի է ստանալ՝ դիմելով մեզի տարբեր հաղորդակցական միջոցներով, որոնք նշուած են այս կայքէջին «Կապ մեզի» հետ էջին մէջ։









