Մարտ 2024-ի առաջին երեք շաբաթ օրերուն ընթացքին, Օղակ ՀԿ-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ երիտասարդ մայրերու համար նախատեսուած աշխատանիստ՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հետ համագործակցաբար։ Աշխատանիստը մաս կը կազմէ «Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման կայուն մօտեցման ձեւաւորում» ծրագիրին եւ կը հովանաւորուի Սան Ֆրանսիսքոյէն Տիկին Սրբուկ Սարգիսեանի կողմէ։
Երեքօրեայ աշխատասնիստին ընթացքին, 25 մասնակիցները ծանօթացան ծնողական եւ անհատական աճի հետ կապուած տարբեր հմտութիւններու եւ տեղեկութիւններու։ Ներկաները տեղեկացան անհատական աճի, երեխաներու դաստիարակութեան հետ առընչուող նիւթերու, ընտանեկան բռնութեան հետ կապուած մանրամասնութիւններու եւ կանխարգիլման ձեւերուն, ինչպէս նաեւ ընկճուածութենէն ձերբազատուելու տարբեր ձեւերու մասին։
Աշխատանիստին մասնակիցները առիթ ունեցան իրենց ստացած տեղեկութիւնները ամրապնդելու գործնական աշխատանքով։
Նշենք որ, Օղակ ՀԿ-ն եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը չորրորդ անգամն է, որ կը կազմակերպեն նման աշխատանիստ։ Նախապէս աշխատանիստեր կազմակերպուած են Տաւուշի Գանձաքար գիւղի, Գեղարքունիքի Դրախտիկ գիւղի, Թալինի եւ Նորք-Մարաշի մէջ։

