14 Դեկտեմբեր 2024-ին, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ պիտի կազմակերպուի «Օղակ» ՀԿ-ի արդէն 9-րդ ցուցահանդէսը։ Նախապէս ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են Պէյրութի (3), Երեւանի (3), Լոս Անճելոսի (1) եւ Տեսինի (1) մէջ։
Այս ցուցահանդէսը անխոնջ աշխատանքն է «Օղակ» ՀԿ-ի Ձեռային Աշխատանքի եւ ազգային ասեղնագործութեան խմբակներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին շաբաթական հանդիպումներով կը ստեղծագործեն ձեռքի նուրբ աշխատանքներ եւ ազգային ասեղնագործութեան գոհարներ։
Այս խմբակի աշխատանքներուն կը պարտինք նաեւ Մարաշի, Այնթէպի, Ուրֆայի, Վանի եւ Վասպուրականի ձեռագործներու ուսուցումը եւ տարածման աշխատանքը Հայաստանի մէջ։ «Օղակ» նախանձախնդիր է պահպանելու ազգային եւ մշակութային արժէքները եւ տարածել զանոնք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։